2015-06-19 11:14:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին գործունէութիւնը` Մար Ինքնատիոս Եփրեմ Բ-ի հետ հանդիպում։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 19 յունիսի առաւօտեան 10.30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը. առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի Ասորի Օրթոտոքս Պատրիարք` Մար Ինքնատիոս Եփրեմ Բ-ը ու անոր ընկերացող շքախումբը։

Հանդիպումը սկիզբ առաւ երկու հայրապետներու առանձնական զրոյցով որուն յաջորդեց Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի Ասորի Օրթոտոքս եկեղեցւոյ պատուիրակութեան անդամներուն հետ, հուսկ աղօթք Ռետեմբթորիս Մաթեր մատրան մէջ։

Սրբազան Հայրը ապա ընդունեց Սուրիոյ արաբական հանրապետութեան մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Մարիօ Զենարին հուսկ Քոնչիսթորօ սրահին մէջ ընդունեց ''Սուրբ Գիրքի Կաթողիկէ ընկերակցութեան'' լինասիտ գումարի մասնակիցները որմէ ետք Քլեմենթինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց “Special Olympics Italia” անկար մարզիկներու մէկ պատուիրակութեան։

Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի Ասորի Օրթոտոքս Պատրիարք Մար Ինքնատիոս Եփրեմ Բ-ի ու անոր ընկերացող պատուիրակութեան ուղղած խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը խնդակցութիւն յայտնեց հանդիպելու անոնց` Սուրբ Պետրոսի Դամբանին մօտ, ընդգծելով թէ այս այցելութիւնը կ՛ամրապնդէ ''բարեկամական եւ եղբայրական կապերը որոնք մեր եկեղեցիները իրարու կը միացնեն''  ակնարկելով Սուրբ Ինքնատիոսի մէկ նամակին` որուն մէջ կը յորդորէ ըլլալ ''մէկ աղօթք, մէկ աղերս, մէկ միտք ու սիրոյ մէջ մէկ յոյս'' ու ամէնքը յարին ''միակ խորանին որ է Յիսուս Քրիստոս''։

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա վերյիշեց Պօղոս Զ երջանկայիշատակ Քահանայապետին եւ Ինքնատիոս  Եաքոպ Գ պատրիարքի միջեւ հանդիպումը, որ տեղի ունեցած էր 1971-ին, որով սկիզբ տրուեցաւ ''սուրբ ուխտագնացութեան'' դէպի երկու եկեղեցիներու լիակատար հաղորդութիւնը, այդ առթիւ ստորագրուած` հաւատքին հայող միասնական յայտարարութեամբ։ Սրբազան Հայրը ակնարկեց նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի եւ Մար Ինքնատիոս Զաքքա Իուաս Պատրիարքի միջեւ հանդիպումներուն ըլլայ Հռոմի մէջ` ըլլայ Դամասկոս, որոնք` ըսաւ Քահանայապետը,­ առաւել քայլ մը արձանագրեցին, ներմուծելով համագործակցութեան գործնական տարրեր հայող հաւատացեալներու բարիքին ու անոնց հովուական խնամակալութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ հաստատեց թէ Անտիոքի եկեղեցին մարտիրոսներու եկեղեցի մը եղած է ի սկզբանէ ու կը շարունակէ ըլլալ նաեւ այսօր, Միջին Արեւելքի մէջ, ուր կը շարունակէ տառապիլ, միւս քրիստոնեայ հասարակութիւններուն եւ փոքրամասնութիւններուն հետ միասին, պատերազմի, բռնութիւններու եւ հալածանքներու պատճառաւ։

''Որքա՜ն ցաւ։ Որքա՜ն անմեղ զոհեր։'' բացագանչեց Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ  ''այս բոլորին դիմաց կը թուի թէ աշխարհի հզօրները անկարող են լուծում մը գտնել''։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ հրաւիրեց աղօթել այդ բռնութիւններու բոլոր զոհերուն ու յատկապէս երկու տարի առաջ առեւանգուած երկու եպիսկոպոսներուն ինչպէս նաեւ առեւանգուած Քահանաներուն համար, ապա հաստատեց թէ ''Մարտիրոսներու արիւնը սերմ մըն  է Եկեղեցւոյ միութեան եւ միջոց` կառուցելու Աստուծոյ Արքայութիւնը, որ է խաղաղութեան եւ արդարութեան թագաւորութիւն''։

Ան ապա խօսքը եզրափակեց հրաւիրելով աշխուժացնել դէպի լիակատար միութիւն տանող քայլերը շեշտը դնելով ''այն բաներուն վրայ որոնք կը միացնեն եւ որոնք աւելի արժէքաւոր են քան բոլոր այն բաները որոնք կը բաժնեն''։

Ֆրանչիսկոս Պապը  ճառը աւարտեց Ասորական մէկ աղօթքով ուղղուած Աստուածամօր որպէսզի Ան դառնայ բոլորին համար օրհնութիւն։ ''Առաքեալներ, մարտիրոսներ աշակերտներ եւ սուրբեր` աղօթեցէք մեզի համար որպէսզի Տէրը մեզի պարգեւէ իր ողորմութիւնը։ Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.